2014-05-14 09:53:35

Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն յայտարարութիւնը` զինադադարի 20-ամեակին առիթով


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Էլենի Թէոխարուս, Ֆրանք Էնկել, Թաթիանա Ժտանոքա, Էւալտ Շթատլեր, Ինաքի Իրազապալպէյթա, Միշել Ռիվազի, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ճոն Ինարիթու զինադադարի մասին համաձայնագիրի 20-ամեակին առիթով յայտարարութիւն հրապարակած են:
Երեսփոխանները մասնաւորաբար նշած են, որ համաձայնագիրով հաստատուած փխրուն խաղաղութիւնը ոչ միայն արտօնած է խուսափիլ տագնապի սրացումէն եւ հետագայ մարդկային կորուստներէն, այլ կարելիութիւն ստեղծած է տագնապի խաղաղ լուծման ճամբաներու որոնման համար:
«Ցաւօք, հակառակ բոլոր ջանքերուն, զինադադարի 20 տարիները չեն վերածուած երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան: Տակաւին, երբեմն երբեմն մենք տագնապալի լուրեր կը ստանանք սահմանագիծին վրայ պարբերաբար տեղի ունեցող միջադէպերուն մասին, որոնք երկու կողմերու երիտասարդ զինուորներուն մահուան պատճառ կը դառնան եւ կրնան յանգեցնել պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Երեսփոխանները յիշեցուցած են, որ հաշուի առնելով Հարաւային Կովկասի շրջանի ռազմավարական նշանակութիւնը Եւրոպական Միութեան համար եւ Հարաւային Կովկասը կայուն խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման շրջան դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը իր բանաձեւերուն մէջ կոչ ուղղած է համապատասխան իշխանութիւններուն զերծ մնալու ուժի օգտագործումէն, ինչպէս նաեւ խուսափելու սադրիչ քաղաքականութենէն եւ հռետորաբանութենէն, ռազմաշունչ յայտարարութիւններէն եւ պատմութեան աղաւաղումէն:
Երեսփոխանները բարձր գնահատած են այն փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը բազմաթիւ առիթներով հաստատած են տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու իրենց հաւատարմութիւնը` ԵԱՀԿ-ի բանակցային հոլովոյթին ծիրին մէջ: Անոնք բազմիցս յայտնած են արձակազէնները սահմանագիծէն հեռացնելու իրենց պատրաստակամութիւնը` իբրեւ վստահութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման միջոց:
«Մենք պիտի ցանկայինք օգտագործել այս տարեդարձը, որպէսզի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղենք հեռացնելու արձակազէնները սահմանագիծէն եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանէն` խուսափելու տագնապին հետագայ սրումէն: Կարեւոր է նաեւ այն, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը պարտաւորուի հետեւիլ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման սկզբունքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Երեսփոխանները Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած են նպաստելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` խթանելու կողմերուն միջեւ խաղաղութիւնը եւ ըմբռնումը տագնապի խաղաղ լուծումը կարելի դարձնելու համար, որպէսզի Եւրոպային յարիր մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները հասանելի ըլլան նաեւ իր դրացիներուն համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.